2012-12-24 10:18:58

Բարթողոմէոս Ա. Սուրբ Ծննդեան Պատգամը` Իրագործել Յիսուսի Բերած Խաղաղութիւնը։


Խաղաղութիւնը աշխարհ եկաւ Յիսուսի միջոցաւ, Աստուծոյ ու մարդու միջեւ հաշտութեան հետեւանքով, սակայն մարդ արարածներս, դժբախտաբար, իրարու հետ չենք հաշտուած տակաւին եւ ահա թէ ինչու աշխարհի մէջ ականատես ենք պատերազմներուն ու անոնց սպառնալիքներուն։ Այս է Բարթողոմէոս Ա-ի Սուրբ Ծննդեան պատգամին կեդրոնական կէտն ու իմաստը։
Կ. Պոլսոյ տիեզերական Պատրիարքը կ՛աղօթէ Տիրոջ որպէսզի ամէն բարի կամք ունեցող մարդիկը ու կառավարութիւնները համագործակցին աշխարհի մէջ խաղաղութեան իրականացման ի խնդիր։
Այն խաղաղութիւնը - կը գրէ Բարթողոմէոս Ա - որ հրեշտակները աւետեցին ու Մանուկ Յիսուսը բերաւ աշխարհ։
Կ. Պոլսոյ տիեզերական Պատրիարքը ապա 2013 տարին հռչակած է ''տիեզերական զօրակցութեան տարի'' այն յոյսով որ ''մարդկային հասարակութիւնը ուշադրութիւն դարձնէ աղքատութեան հարցին ու այդ ուղղութեամբ առաջարկներ ընծայէ աղքատներուն ու անօթիներուն հոգատարութեան ի նպաստ։








All the contents on this site are copyrighted ©.